2013-10-31 12:32:04

Կարտինալ Թուրքսոն Երուսաղէմի մէջ` ''խաղաղութիւնը միայն պատերազմի բացակայութիւն չէ այլ մարդու արժանապատուութեան պաշտպանութիւն''։


Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Բիդէր Թուրքսոն, մեկնած է Երուսաղէմ, ուր 31 հոկտեմբերին դասախօսութիւն մը ներկայացուց, Սալեզեաններու համալսարանի աստուածաբանական մասնաճիւղի մէջ, Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ քահանայապետի ''Pacem in Terris - շրջաբերականի 50-րդ տարեդարձ'' նիւթով։ Ան ապա 1 նոյեմբերին կը մասկանցի ''խաղաղութեան ճանապարհ'' կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած` ''Ականներէն այգիներ'' խորագրով քայլարշավին։
Դասախօսութեան ընթացքին Կարտինալ Թուրքսոն` մատնանշելով ''խաղաղութիւն աշխարհի վրայ'' շրջաբերականին, ընդգծեց թէ ''խաղաղութիւնը միայն պատերազմի բացակայութիւն չէ, այլ մարդու արժանապատուութեան պաշտպանութիւն''։ Անհատի արժանաւորութիւնն ու իրաւունքները - ըսաւ Կարտինալը - ընկերութեան առաջնահերթութիւն են եւ պէտք է յարգուին եւ պաշտպանուին, որովհետեւ այնտեղ ուր կը տիրապետէ արդարութիւնը, մարդկային յարաբերութիւնները հոն խաղաղութիւն կը տիրէ։''
Իր երկարաշունչ զեկոյցին մէջ, կարտինալ Թուրքսոն յայտնեց թէ ''խաղաղութիւնը, մարդոց շնորհուած, Աստուծոյ պարգեւ մըն է, որովհետեւ Աստուած ամէնքը կը սիրէ, եւ այս պարգեւը կ՛իրականանայ միայն անոնց համար որ զայն կ՛ընդունին եւ կը յարգեն Աստուծոյ կամքը''։ Կարտինալ Թուրքսոն ապա մատնանշեց թէ մարդը ազատ է ու կարող է ընտրել չարը կամ բարին։
Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը հուսկ լուսարձակի տակ առաւ ''խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շրջաբերականի մէջ պարփակուած հիմնական զանազան նիւթեր, ինչպէս մարդոց միջեւ խտրականութեան վերացումը, ազատութեան պաշտպանութիւնը, պետութիւններու միջեւ վստահութիւնը, կաշառառութեան դէմ պայքարը, եւայլն... Կարտինալ Թուրքսոն ապա հաստատեց թէ խաղաղութիւնը կը հիմնուի չորս կոթողներու վրայ` ''ճշմարտութիւն, արդարութիւն, սէր եւ ազատութիւն'', որոնք կը կազմեն ժղովուրդներու միջեւ զօրակցութեան եւ ներդաշնակութեան զարգացման հիմերը։
Իր զեկոյցի աւարտին, Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, մատնանշեց Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի միջեւ կայացած կապին յատկապէս ակնարկելով ներկայ քահանայապետի ''խաղաղութիւն եւ կամուրջներ կերտելու'' կոչին, վերջ դնելու նպատակով աշխարհի մէջ տիրող` անարդարութիւններուն եւ անհաւասարութեան։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.